1 Peter 52019

1Երէցնե՛ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայեմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին որ պիտի յայտնուի, կ՚աղաչե՜մ,

2ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ։ Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ։

3Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին,

4որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք։

5Նոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդ եղէք ծերերուն։ Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու, որովհետեւ՝ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։

6Հետեւաբար Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ՝ ձեզ բարձրացնէ։

7Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին։

8Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։

9Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ՚անցնին։

10Եւ բոլոր շնորհքներուն պարգեւիչը՝ Աստուած, որ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ իր յաւիտենական փառքին կանչեց ձեզ, նկատի ունենալով որ չափով մը մասնակից եղաք Յիսուսի չարչարանքներուն՝ պիտի կազդուրէ, զօրացնէ եւ ամուր հիմերու վրայ հաստատէ ձեզ։

11Յաւիտեան ի՛րն են իշխանութիւնն ու փառքը։ Ամէն ։

12Այս հակիրճ նամակը ձեզի գրեցի Սիղուանոսի ձեռքով, որ ըստ իս՝ մեր հաւատարիմ եղբայրներէն է, որպէսզի քաջալերեմ ձեզ եւ վստահեցնեմ՝ թէ Քրիստոսի չարչարակից ըլլալը Աստուծմէ տրուած իսկական շնորհք մըն է, որ դուք կը վայելէք ապահովաբար։

13Այստեղ, Բաբելոնի մէջ գտնուող եկեղեցին, որ ձեր ընտրելակիցն է, կ՚ողջունէ ձեզ։ Նոյնպէս բարեւներ Մարկոսէն, իմ որդիէս։

14Սիրոյ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Խաղաղութի՜ւն ձեր բոլորին, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք։ Ամէն։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 1 Peter 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.