1Արդ, որովհետեւ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմինով, դուք ալ նոյն մտածումով զինուեցէք, որովհետեւ մարմինով չարչարուողը կը դադրի մեղանչելէ,
2եւ այլեւս չ՚ապրիր մարդկային ցանկութիւններով, այլ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի իր կեանքի մնացեալ ժամանակը։
3Կը բաւէ՛ որքան անցեալին հեթանոսներուն կամեցած ձեւով ապրեցաք՝ անբարոյութեամբ, հեշտասիրութեամբ, գինեմոլութեամբ, անառակութեամբ, արբեցութեամբ եւ կռապաշտական անօրէն սովորութիւններով։
4Հեթանոսներ տարօրինակ կը գտնեն, որ դուք իրենց պէս նոյն սանձարձակ զեղխութիւններուն չէք հետեւիր, եւ կը հայհոյեն ձեզի։
5Բայց այդ բոլորին համար պատասխան պիտի տան Աստուծոյ, որ պատրաստ է դատելու ողջերն ու մեռեալները։
6Ահա թէ ինչու՝ Քրիստոս գնաց եւ Աւետարանը մեռելներուն ալ քարոզեց, որպէսզի անոնք բոլոր մարդոց պէս իբրեւ մարմին մահուան դատապարտուելով հանդերձ՝ իբրեւ հոգի ապրին, ինչպէս Աստուած կ՚ապրի։
7Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. հետեւաբար զգաստ եւ արթուն եղէք, աղօթքի նուիրուելու համար։
8Ամէն բանէ առաջ՝ սրտանց սէր ունեցէք իրարու հանդէպ, որովհետեւ «սէրը պատճառ կ՚ըլլայ որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներուին» ։
9Հիւրասիրութիւն ցոյց տուէք իրարու, առանց տրտնջալու։
10Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ։
11Խօսելո՞ւ պարգեւը ունի. թող Աստուծոյ պատգամները մատակարարէ։ Ծառայելո՞ւ պարգեւը ունի. թող ծառայէ՝ որքան որ Աստուած կարողութիւն կու տայ. որպէսզի ամէն ինչով Աստուած փառաւորուի, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Անո՛րն են փառքը եւ զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։
12Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ համարէք ոեւէ փորձութիւն, որ կրակի պէս կ՚այրէ ձեզ։ Անբնական բան մի՛ համարէք զայն,
13այլ՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակցութիւն նկատեցէք եւ ուրախացէ՛ք, որպէսզի երբ Քրիստոս իր փառքով յայտնուի՝ նոյնպէս ցնծութեամբ ուրախանաք։
14Եթէ Քրիստոսի անունին համար նախատուիք՝ երանելի էք, որովհետեւ կը նշանակէ՝ թէ Աստուծոյ փառաւորիչ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է։
15Խօսքս անոնց մասին չէ, որոնք կը չարչարուին իբրեւ մարդասպան կամ գող, իբրեւ չարագործ կամ խառնակիչ։
16Բայց ով որ քրիստոնեայ ըլլալուն համար կը չարչարուի՝ թող չամչնայ, այլ՝ իր այդ անունով զԱստուած փառաւորէ։
17Որովհետեւ արդէն ժամանակն է որ դատաստանը սկսի, եւ սկսի Աստուծոյ տունէն։ Իսկ եթէ առաջին դատուողները մե՛նք պիտի ըլլանք, ի՞նչ պիտի ըլլայ վախճանը անոնց՝ որոնք Աստուծոյ Աւետարանին չեն հնազանդիր։
18«Եթէ արդարը հազիւ կը փրկուի, անհաւատն ու մեղաւորը ի՞նչ պիտի ըլլան»։
19Ուստի, անոնք որ Աստուծոյ կամքին համաձայն կը չարչարուին, թող շարունակեն բարեգործութիւն ընել եւ իրենց հոգիները յանձնեն Ստեղծիչին, որ իր խոստումներուն հաւատարիմ է։