2 Peter 12019

1Ես՝ Սիմոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառան եւ առաքեալը, կը գրեմ ձեզի՝ որ մեր Աստուծոյն եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի արդար տնօրինութեամբը արժանի եղաք մեզի հետ բաժնելու հաւատքը։

2Թող ձեր վայելած շնորհքն ու խաղաղութիւնը առատանան՝ Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի մասին ձեր ունեցած գիտութեամբը։

3Քրիստոս իր աստուածային զօրութեամբ մեզի պարգեւեց ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է աստուածապաշտ կեանքի մը համար, մեզի ճանչցնելով ան՝ որ իր փառքովն ու զօրութեամբը մեզ իրեն կանչեց։

4Անիկա թանկագին ու մեծամեծ խոստումներ տուաւ մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան, ձերբազատուելով աշխարհի մէջ տիրող կորստաբեր ցանկութիւններէն։

5Ատոր համար ալ, ամէն ջանք ըրէք՝ որ ձեր հաւատքով առաքինութիւն ձեռք բերէք, առաքինութեամբ՝ գիտութիւն,

6գիտութեամբ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ՝ համբերութիւն, համբերութեամբ՝ աստուածպաշտութիւն,

7աստուածպաշտութեամբ՝ եղբայրսիրութիւն, եղբայրսիրութեամբ՝ սէր։

8Եթէ այս առաքինութիւնները ունենաք, եւ ունենաք միշտ աւելիով, վստահ եղէք՝ որ մեր Տէր Յիսուսի գիտութեամբը կը լեցուիք եւ անգործ ու անպտուղ չէք մնար։

9Իսկ ով որ այս առաքինութիւնները չունի՝ միտքով կոյր է ու կարճատես, որովհետեւ մոռցած է իր անցեալի մեղքերէն սրբուած ըլլալը։

10Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ջանացէք աւելիո՛վ կառչիլ այն կոչումին, որուն ձեզ հրաւիրեց Աստուած՝ ընտրելով ձեզ։ Եթէ այդպէս վարուիք՝ բնաւ մեղքի մէջ չէք իյնար,

11եւ այդպիսով ձեզի լայնօրէն իրաւասութիւն կը տրուի մտնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական արքայութիւնը ։

12Ահա թէ ինչու, միշտ ձեզի պիտի յիշեցնեմ այս բաները, թէպէտեւ դուք գիտէք եւ հաստատուն կը մնաք ձեր ստացած ճշմարտութեան վրայ։

13Եւ կը կարծեմ թէ շիտակ կ՚ընեմ ասոնք ձեզի յիշեցնելով, որքան ատեն որ դեռ աշխարհի մէջ եմ,

14քանի գիտեմ որ շուտով այս աշխարհէն պիտի հեռանամ, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յայտնեց ինծի։

15Ուստի կը ջանամ ձեզ յորդորել, որ այս աշխարհէն մեկնելէս ետքն ալ միշտ այս բաները յիշէք։

16Որովհետեւ, երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեան եւ անոր երկրորդ գալստեան մասին խօսեցանք ձեզի, շինծու առասպել մը չէր որ ներկայացուցինք, քանի որ անձամբ ականատես եղանք անոր մեծութեան,

17երբ անիկա փառք եւ պատիւ ստացաւ Հօր Աստուծմէ, որ իր մեծավայելուչ եւ փառաւոր ձայնով անոր համար վկայեց, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ»։

18Մենք անձամբ լսեցինք երկինքէն եկող այդ ձայնը, որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք սուրբ լերան վրայ։

19Ահա թէ ինչու՝ հիմա աւելի ամրօրէն կապուած ենք մարգարէական վկայութիւններուն. եւ լաւ կ՚ըլլայ որ դուք ալ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք անոնց, որովհետեւ անոնք այն ճրագն են՝ որ մութ տեղը լոյս կու տայ, մինչեւ բացուի այն օրուան արշալոյսը եւ Առաւօտեան Աստղը ծագի ձեր սիրտերուն մէջ։

20Եւ չմոռնա՛ք բնաւ, որ ոեւէ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար բացատրել Սուրբ գիրքերուն մարգարէութիւնները,

21որովհետեւ մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդը չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով է որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Peter 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.