Zephaniah 2WARMB

1Քննեցէ՛ք ձեր անձերը, քննեցէ՛ք՝ ՝, Ո՛վ չամչցող ազգ,

2Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած

3Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։

4Քանզի Գազանը պիտի լքուի, Ասկաղոնը պիտի ամայանայ, Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի Եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի։

5Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին։ Ո՛վ Քանան, Փղշտացիներու երկիր, Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է, Քեզ ալ պիտի աւերեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս։

6Ծովեզերքը հովիւներու բնակարաններ ու աւազաններ՝ ՝ Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլան։

7Ծովեզերքը Յուդային տանը մնացորդին պիտի ըլլայ։ Հոն պիտի արածին։ Իրիկունը Ասկաղոնին տուներուն մէջ պիտի պառկին, Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ Եւ զանոնք գերութենէ պիտի դարձնէ։

8Մովաբին նախատինքը Ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։

9Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմին պէս Ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս Եղիճներու կալուածք, աղի հանք Ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։ Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն։

10Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ, Քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին Ու անոր դէմ հպարտացան։

11Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ, Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ Եւ ազգերու բոլոր կղզիները, Ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն։

12Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ, Իմ սուրովս պիտի սպաննուիք։

13Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ Եւ Նինուէն աւերակի Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ

14Եւ անոր մէջ հօտեր, Ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։ Հաւալուսն ու ոզնին ալ Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։ Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի, Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, Քանզի եղեւնափայտը պիտի քակուի։

15Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր. Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ ‘Ես եմ ու ինծմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ’, Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու որջ եղաւ։ Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Zephaniah 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.