Zephaniah 1WARMB

1Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին Ամարիայի որդիին Գոդողիայի որդիին Քուսիի որդիին Սոփոնիային եղաւ՝ Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային օրերը։

2«Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։

3«Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ, Երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ, Երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ», կ’ըսէ Տէրը։

4«Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. Այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը, Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ,

5Տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները Երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները, Մեղքոմով երդում ընողները,

6Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները Եւ զանիկա չխնդրողները»։

7Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները հրաւիրեց։

8Եւ Տէրոջը զոհին օրը Իշխաններն ու թագաւորին տղաքները Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։

9Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները, Իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ»։

10«Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն Եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։

11Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ, Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։

12Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։

13Անոնց ստացուածքը՝ աւար, Անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։ Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, Այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։

14Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։

15Այն օրը բարկութեան օր է. Նեղութեան ու տառապանքի օր, Կործանումի ու աւերումի օր, Խաւարի ու մէգի օր, Ամպի ու մառախուղի օր է։

16Պարսպապատ քաղաքներու դէմ Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։

17Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ Կոյրերու պէս պիտի պտըտին, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։ Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։

18Տէրոջը բարկութեան օրը Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Zephaniah 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.