1Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հավանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։
2Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։
3Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, Ապականիչ ժանտամահէն։
4Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։ Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի ։
5Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն,
6Ոչ ալ ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։
7Հազար հոգի քու քովէդ Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։
8Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։
9Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր,
10Քեզի չարիք պիտի չհասնի Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։
11Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։
12Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։
13Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես. Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։
14Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։
15Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ, Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա,
16Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։