Psalms 90WARMB

1Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։

2Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։

3Դուն մարդը փոշի կը դարձնես Ու կ’ըսես. «Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ»։

4Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ, Կամ գիշերուան պահու մը պէս։

5Կ’ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ’ըլլան. Առտուն կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան.

6Առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ, Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ։

7Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։

8Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։

9Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին, Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։

10Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք։

11Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։

12Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։

13Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. Գթա՛ քու ծառաներուդ։

14Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ, Որպէս զի ցնծանք ու ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։

15Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր. Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։

16Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։

17Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։ Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ. Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 90.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.