Psalms 83WARMB

1Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար. Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։

2Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռան Ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։

3Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ Ու խորհուրդ կ’ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։

4Կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան Ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։

5Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրին Ու քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին

6Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները, Մովաբն ու Հագարացիները,

7Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը, Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։

8Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ, Ղովտին որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սէլա։)

9Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին, Ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։

10Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան, Աղբի պէս եղան երկրին վրայ։

11Անոնց իշխանները Օրէբին ու Զէբին պէս Ու անոնց բոլոր երեւելիները Զեբէէին ու Սաղմանային պէս ըրէ,

12Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարանները Մենք ժառանգենք մեզի համար»։

13Ո՛վ իմ Աստուածս, անոնք մղեղի պէս, Հովի առջեւ եղող շիւղի պէս ըրէ՛։

14Ինչպէս կրակը անտառը կ’այրէ Ու բոցը լեռները կը բռնկեցնէ,

15Այնպէս հալածէ՛ զանոնք քու մրրիկովդ Ու խռովութեան մէջ ձգէ՛ զանոնք քու փոթորիկովդ։

16Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով, Որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր։

17Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեան Եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին.

18Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 83.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.