Psalms 82WARMB

1Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ, Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։

2«Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)

3Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին, Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։

4Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը, Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք »։

5Չեն իմանար ու չեն հասկնար, Խաւարի մէջ կը պտըտին։ Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։

6Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք. Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,

7Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։

8Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 82.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.