1Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
2Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարիք ուզողները։
3Թող ամչնալով ետ դառնան Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։
4Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։
5Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ, Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես, Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։