1Ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Աստուած Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։
2Խորունկ ցեխի մէջ կ’ընկղմիմ, Ուր կայնելու տեղ չկայ, Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։
3Յոգնեցայ ես կանչելէն, կոկորդս ցամքեցաւ, Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։
4Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են. Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան։ Այն բանը որ չէի յափշտակած, ստիպեցին որ վճարեմ։
5Ո՛վ Աստուած, իմ յիմարութիւնս դո՛ւն գիտես Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։
6Քեզի համբերողները իմ պատճառովս թող ամչնան, Ո՛վ Տէր, զօրաց Տէր, Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող ամօթով չըլլան, Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։
7Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի, Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։
8Եղբայրներուս՝ օտար Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։
9Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։
10Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով, Ասիկա ինծի նախատինք սեպուեցաւ։
11Իբր հանդերձ քուրձ հագայ Ու անոնց ծաղրանքի առարկայ եղայ։
12Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին Ու արբեցողները երգեր շինեցին իմ վրաս։
13Բայց ես իմ աղօթքս կ’ընեմ քեզի, Ո՛վ Տէր, ընդունելի ժամանակին։ Ո՛վ Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ, Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր։
14Հանէ՛ զիս ցեխէն, որ չընկղմիմ Եւ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։
15Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ Ու անդունդը թող զիս չկլլէ Ու ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։
16Պատասխա՛ն տուր ինծի, ո՛վ Տէր, Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է։ Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ՛ ինծի
17Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ, Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ։ Շուտով պատասխա՛ն տուր ինծի։
18Իմ անձիս մօտեցի՛ր ու զանիկա փրկէ՛. Իմ թշնամիներէս զիս ազատէ։
19Դուն գիտես իմ նախատինքս Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս։ Քու առջեւդ են բոլոր զիս նեղողները։
20Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար Ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ։
21Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։
22Անոնց սեղանը թող իրենց առջեւ՝ որոգայթ, Անոնց խնճոյքները իրենց վարմ ըլլան։
23Անոնց աչքերը թող մթննան, որպէս զի չտեսնեն Ու անոնց մէջքերը դողացո՛ւր։
24Քու սրտմտութիւնդ անոնց վրայ թափէ՛ Ու սաստիկ բարկութիւնդ անոնց վրայ թող հասնի։
25Անոնց բնակարանը աւերակ ըլլայ Ու անոնց վրաններուն մէջ բնակող չգտնուի։
26Վասն զի զայն որ դուն զարկիր, անոնք կը հալածեն Եւ քու վիրաւորածիդ ցաւին վրայով կը խօսին։
27Անոնց անօրէնութեան վրայ անօրէնութիւն դիր, Որպէս զի արդարութեանդ չհասնին։
28Կենաց գրքէն թո՛ղ ջնջուին Ու արդարներուն հետ թող չգրուին։
29Բայց ես աղքատ ու վշտացած եմ. Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թո՛ղ զիս պաշտպանէ։
30Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։
31Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն Աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։
32Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան. Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի,
33Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ Ու իր կապուածները չանարգեր
34Թող գովեն զանիկա երկինք ու երկիր, Ծովն ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։
35Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա։
36Իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։