1Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։ Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։
2Ո՛վ աղօթքի լսող, Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։
3Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։ Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։
4Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ. Պիտի լցուինք քու տանդ եւ Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։
5Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի, Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,
6Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր, Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,
7Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը, Անոր ալիքներուն ձայնը Ու ազգերուն խռովութիւնը։
8Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ. Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։
9Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, Շատ կը հարստացնես զանիկա. Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։ Անոնց ցորեն կը պատրաստես, Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։
10Անոր ակօսները կը խմցնես Ու անոր փոսերը կը շտկես, Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։ Կ’օրհնես անոր բոյսը։
11Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն,
12Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։
13Արօտները հօտերով ծածկուած են Ու հովիտները ՝ ցորենով։ Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։