Psalms 64WARMB

1Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս. Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։

2Ծածկէ զիս չարերու ժողովէն, Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,

3Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն, Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն,

4Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար. Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։

5Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։ Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ Կ’ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։

6Անօրէնութիւն կը փնտռեն, Կ’ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։ Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է,

7Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։ Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։

8Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։ Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։

9Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան. Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։

10Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 64.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.