Psalms 54WARMB

1Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։

2Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։ Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,

3Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)

4Ահա Աստուած ինծի օգնական է։ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։

5Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։

6Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,

7Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 54.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.