Psalms 53WARMB

1Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։

2Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։

3Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։

4Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։

5Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար. Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։ Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։

6Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։ Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 53.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.