1Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր, Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է. Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։
3Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։
4Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը, Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)
5Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ, Տէրը՝ փողի ձայնով։
6Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք. Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.
7Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։ Երգ երգեցէ՛ք անոր ։
8Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։
9Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են. Ինք խիստ բարձրացած է։