Psalms 46WARMB

1Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։

2Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,

3Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)

4Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը, Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։

5Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի. Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։

6Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին. Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։

7Զօրաց Տէրը մեզի հետ է. Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)

8Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։

9Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։

10Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած. Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։

11Զօրաց Տէրը մեզի հետ է, Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 46.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.