Psalms 21WARMB

1Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։

2Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)

3Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար. Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։

4Քեզմէ կեանք խնդրեց Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։

5Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ. Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։

6Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան. Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։

7Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։

8Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։

9Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը. Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։

10Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։

11Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն, Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել ։

12Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես. Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։

13Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։ Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 21.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.