Psalms 20WARMB

1Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի, Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.

2Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։

3Քու ամէն ընծաներդ յիշէ Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)

4Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։

5Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։ Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։

6Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը, Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։

7Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։

8Անոնք կորացան ու ինկան, Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։

9Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը, Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը՝ ՝։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 20.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.