Psalms 145WARMB

1Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։

2Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։

3Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։

4Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։

5Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։

6Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։

7Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։

8Ողորմած ու գթած է Տէրը, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։

9Տէրը ամենուն բարի է Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։

10Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։

11Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.

12Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։

13Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

14Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։

15Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։

16Քու ձեռքդ կը բանաս Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։

17Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։

18Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։

19Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։

20Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։

21Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 145.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.