1Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս, Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։
2Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս, Իմ ապաւէնս ու փրկիչս, Իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ, Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ։
3Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս Ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես։
4Մարդը ունայնութեան պէս է Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են։
5Ո՛վ Տէր, խոնարհեցո՛ւր քու երկինքդ ու վա՛ր իջիր, Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան։
6Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք, Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր։
7Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ եւ ազատէ՛ զիս. Փրկէ՛ զիս շատ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն,
8Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
9Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ, Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։
10Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։
11Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
12Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։
13Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։
14Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ, Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։
15Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին. Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։