Psalms 140WARMB

1Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛ Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛,

2Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։

3Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։ Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։)

4Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛. Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛, Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։

5Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին, Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ, Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։)

6Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։

7Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը, Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։

8Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ, Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ, Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։)

9Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։

10Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ. Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։

11Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի. Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը, Որպէս զի զանիկա կործանէ։

12Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։

13Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն. Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 140.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.