Psalms 139WARMB

1Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։

2Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս, Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։

3Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։

4Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։

5Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։

6Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է, Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։

7Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։

8Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես.

9Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ,

10Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։

11Եթէ ըսեմ. «Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ, Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս»։

12Մութն ալ քեզի խաւար չէ, Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։ Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ ։

13Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։

14Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։

15Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ՝ ՝։

16Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։

17Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։

18Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։ Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։

19Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած. Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինծմէ։

20Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին Եւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն՝ ՝։

21Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր Ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։

22Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ Եւ ինծի թշնամի կը համարեմ։

23Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս

24Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 139.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.