Psalms 13WARMB

1Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս, Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։

2Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով. Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։

3Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի. Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս, Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։

4Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր», Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։

5Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։

6Պիտի երգեմ Տէրոջը, Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 13.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.