Psalms 12WARMB

1Ո՛վ Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց. Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։

2Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին. Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։

3Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները Ու մեծախօս լեզուն,

4Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք, Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։

5«Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։

6Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են. Հողէ բովքի մէջ զտուած, Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։

7Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։

8Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին, Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 12.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.