Psalms 129WARMB

1Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ. «Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։

2Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին, Բայց ինծի չյաղթեցին։

3Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։

4Տէրը արդար է. Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։

5Բոլոր Սիօնը ատողները Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.

6Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան, Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։

7Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով, Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։

8Անցնողները չեն ըսեր. «Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 129.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.