Psalms 128WARMB

1Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։

2Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես. Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։

3Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ Քու տունէդ ներս Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան Քու սեղանիդ չորս կողմը։

4Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը Այսպէ՛ս պիտի օրհնուի։

5Տէրը քեզ Սիօնէն օրհնէ Ու Երուսաղէմին բարութիւնը տեսնես Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ

6Եւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 128.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.