1Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. «Տէրոջը տունը երթանք»։
2Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, Ո՛վ Երուսաղէմ։
3Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է, Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։
4Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելնեն Իսրայէլի պատուիրածին պէս. Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։
5Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները, Դաւիթի տանը աթոռները։
6Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։ Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։
7Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։
8Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։
9Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։