Psalms 121WARMB

1Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։

2Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։

3Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։

4Ահա Իսրայէլի Պահապանը Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։

5Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։

6Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։

7Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, Քու անձդ պիտի պահպանէ։

8Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 121.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.