Proverbs 31WARMB

1Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.

2Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։

3Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։

4Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր, Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.

5Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։

6Օղին կորսուելու վրայ եղողին Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք,

7Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։

8Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։

9Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։

10Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։

11Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է Ու աւարի կարօտ չըլլար։

12Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։

13Բուրդ ու քթան կը փնտռէ Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։

14Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։ Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։

15Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը ՝ կերակուր Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։

16Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։ Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։

17Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։

18Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։ Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։

19Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ Ու ափովը րոքը կը բռնէ։

20Ձեռքը աղքատին կը բանայ Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։

21Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։

22Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։ Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։

23Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։

24Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։

25Զօրութիւն ու փառք կը հագնի Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։

26Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։

27Իր տանը ճամբաները կը քննէ Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։

28Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.

29«Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։

30Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։

31Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 31.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.