1Յակէեան Ագուրին խօսքերը՝ Այսինքն պատգամը, որ ան տուաւ, Իթիէլին եւ Ուքալին։
2Արդարեւ ես ամէն մարդէ թանձրամիտ եմ Ու մարդկային խոհեմութիւն չունիմ։
3Իմաստութիւն չսորվեցայ Ու Ամենասուրբին գիտութիւնը չեմ գիտեր։
4Ո՞վ երկինք ելաւ ու իջաւ։ Ո՞վ հովը իր ձեռքերուն մէջ հաւաքեց։ Ո՞վ ջուրերը իր հանդերձին մէջ ամփոփեց։ Ո՞վ երկրի բոլոր ծայրերը հաստատեց։ Ի՞նչ է անոր անունը ու անոր որդիին անունը. Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ։
5Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։ Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։
6Դուն անոր խօսքերուն վրայ բան մի՛ աւելցներ, Որպէս զի քեզ չյանդիմանէ ու դուն ստախօս երեւնաս։
7Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ։ Մեռնելէս առաջ զանոնք մի մերժեր։
8Ունայնութիւնը եւ սուտ խօսքը ինծմէ հեռացո՛ւր, Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ,
9Որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ Ու «Տէրը ո՞վ է», ըսեմ։ Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ Եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ։
10Ծառան իր տիրոջ առջեւ մի՛ յանդիմաներ, Որպէս զի քեզ չանիծէ եւ դուն յանցաւոր ըլլաս։
11Կան անձեր, որոնք իրենց հայրը կ’անիծեն Եւ մայրը չեն օրհներ։
12Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, Սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն։
13Մարդ կայ, որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են Ու անոր արտեւանունքները բարձրացած են։
14Մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են Եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, Աղքատները երկրի վրայէն Ու տնակները մարդոց մէջէն ուտելու համար։
15Տզրուկը երկու աղջիկ ունի։ «Տո՛ւր, տո՛ւր», կ’ըսեն ։ Այս երեքը չեն կշտանար Ու չորս բան կայ, որոնք «Հերիք է», չեն ըսեր.
16Գերեզմանը, ամուլ արգանդը, Երկիրը, որ ջրով չի կշտանար Ու կրակը, որ «Հերիք է», չ’ըսեր։
17Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ Եւ իր մօրը հնազանդիլը կ’անարգէ, Ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն Ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա։
18Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ’երեւնան Եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար։
19Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, Ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, Ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան Ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան։
20Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է։ Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ Եւ «Չարութիւն չըրի», կ’ըսէ։
21Երեք բանի համար երկիրը կը դողայ Ու չորս բան կայ, որոնք չի կրնար տանիլ։
22Ծառան՝ երբ թագաւորէ, Յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ,
23Ատելի կինը՝ երբ կարգուի Եւ աղախինը, երբ իր տիկնոջ ժառանգորդ ըլլայ։
24Երկրի վրայ չորս բան կայ, որոնք պզտիկ են, Բայց անոնք շատ խելացի են։
25Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, Բայց իրենց կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստեն։
26Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, Բայց իրենց տուները վէմերու վրայ կը շինեն։
27Մարախները թագաւոր չունին, Սակայն ամէնքը գունդ գունդ դուրս կ’ելլեն։
28Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի Ու թագաւորներու պալատներուն մէջ կը գտնուի։
29Աղէկ քալող երեք բան կայ Եւ չորս բան կայ, որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին։
30Առիւծը, որ բոլոր անասուններէն զօրաւոր է Ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար։
31Մէջքը կապած ձին ՝ ՝ ու նոխազը Եւ թագաւորը, որուն ժողովուրդը իրեն հետ է։
32Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր, Կամ չարութիւն մը մտածեցիր, Ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ։
33Վասն զի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ, Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ, Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ։