1Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։
2Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։
3Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։
4Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։
5Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։
6Շատերը առատաձեռն մարդուն՝ ՝ հաճութիւնը կը փնտռեն Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։
7Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին. Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան Ու անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէ կ’իյնայ՝ ՝։
8Խելքը վաստկողը իր հոգին կը սիրէ, Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։
9Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։
10Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր, Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։
11Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ Եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։
12Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի, Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։
13Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։
14Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։
15Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։
16Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ, Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։
17Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ Ու անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։
18Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար՝ ՝։
19Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ, Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։
20Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։
21Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան, Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։
22Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։
23Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է, Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։
24Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։
25Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։ Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։
26Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝ Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։
27Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն, Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։
28Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։
29Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։