Proverbs 18WARMB

1Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ Եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ՝ ՝։

2Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր, Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ ։

3Երբ ամբարիշտը գայ՝ անարգութիւն ալ կու գայ Ու նախատինքին հետ՝ խայտառակութիւն։

4Մարդուն բերնին խօսքերը խորունկ ջուրեր են։ Իմաստութեան աղբիւրը առատաբուղխ գետ է։

5Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝ Ամբարշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։

6Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւ կը բերեն Ու անոր բերանը ծեծողը կը կանչէ։

7Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է Եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են։

8Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են Ու անոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։

9Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է, Շռայլ մարդուն եղբայրն է։

10Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։

11Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է Ու անոր երեւակայութեան մէջ բարձր բերդի պէս է։

12Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ ։

13Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, Յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։

14Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ, Բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել։

15Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։

16Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ Ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի։

17Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի. Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։

18Վիճակը վէճերը կը դադրեցնէ Ու զօրաւորներուն մէջտեղ որոշում կ’ընէ։

19Օգնութիւն ստացող եղբայր մը ամուր քաղաքէն անառիկ է Եւ անոր վէճերը բերդի մը նիգերուն կը նմանին։

20Մարդ իր բերնին պտուղէն կը կշտանայ Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ։

21Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, Անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ’ուտեն։

22Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։

23Աղքատը աղաչելով կը խօսի, Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։

24Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, Բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 18.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.