Judges 9WARMB

1Յերոբաաղի որդին Աբիմելէք Սիւքէմ գնաց իր մօրն ու եղբայրներուն քով եւ անոնց հետ ու իր մօրը ազգատոհմին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.

2«Շնորհք ըրէ՛ք, Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսէ՛ք՝ ‘Ձեզի ո՞րը աղէկ է. Յերոբաաղի բոլոր որդիներուն՝ եօթանասուն մարդոց՝ ձեր վրայ թագաւորե՞լը, թէ մէկ մարդու ձեր վրայ թագաւորելը’։ Մտքերնիդ բերէք, թէ՝ ես ձեր ոսկորն ու ձեր մարմինն եմ»։

3Ուստի իր մօրը եղբայրները այս խօսքը Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսին ու անոնց սիրտը Աբիմելէքին կողմը դարձաւ, քանզի ըսին թէ՝ ‘Անիկա մեր եղբայրն է’։

4Եւ Բահաղ-Բերիթի տունէն եօթանասուն կտոր արծաթ տուին անոր ու Աբիմելէք անոնցմով դատարկապորտ ու սրիկայ մարդիկ վարձքով բռնեց, որոնք իր ետեւէն գացին։

5Եփրայի մէջ իր հօրը տունը մտաւ եւ իր եղբայրները, Յերոբաաղի որդիները, եօթանասուն հոգի, մէկ քարի վրայ սպանեց. բայց Յերոբաաղի պզտիկ տղան՝ Յովաթամը՝ պահուելով ողջ մնաց։

6Ետքը բոլոր Սիւքէմի բնակիչները եւ Մելօնի բոլոր տունը մէկտեղ հաւաքուեցան ու գացին Սիւքէմի մէջ պահապաններու կաղնիին քով Աբիմելէքը թագաւոր ըրին։

7Ու երբ այս բանը Յովաթամին իմացուցին, անիկա գնաց Գարիզին լերանը գլուխը կայնեցաւ եւ ձայնը վերցնելով պոռաց ու անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սիւքէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք եւ Աստուած ձեզի մտիկ պիտի ընէ։

8Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն ու ձիթենիին ըսին՝ ‘Մեր վրայ թագաւոր եղիր’։

9Բայց ձիթենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ պարարտութիւնս թողում, որ ինծմով Աստուած ու մարդիկը կը պատուեն՝ ՝ ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ՝ ՝։

10Եւ ծառերը թզենիին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։

11Եւ թզենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ քաղցրութիւնս ու աղէկ պտուղս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։

12Այն ատեն ծառերը որթատունկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։

13Որթատունկն ալ ըսաւ. ‘Աստուած ու մարդիկը ուրախացնող գինիս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։

14Այն ատեն բոլոր ծառերը դժնիկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։

15Դժնիկը ծառերուն ըսաւ.’Եթէ դուք իրաւցընէ զիս ձեր վրայ թագաւոր կ’օծէք, եկէք իմ հովանիիս տակ նստեցէք, եթէ ոչ դժնիկէն կրակ թող ելլէ ու Լիբանանի եղեւինները այրէ’։

16Եթէ դուք Աբիմելէքը թագաւոր ընելով ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք եւ եթէ Յերոբաաղի ու անոր տանը բարութիւն ըրիք եւ եթէ անոր գործերուն համեմատ անոր հատուցում ըրիք.

17(Քանզի իմ հայրս ձեզի համար պատերազմ ըրաւ ու իր անձը վտանգի մէջ դրաւ՝ ՝ եւ ձեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեց.

18Իսկ դուք այսօր իմ հօրս տանը դէմ ելաք ու անոր որդիները՝ եօթանասուն մարդ՝ մէկ քարի վրայ սպաննեցիք ու անոր աղախինին տղան Աբիմելէքը, ձեր եղբայրը ըլլալուն համար, Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ թագաւոր ըրիք.)

19Ուստի եթէ այսօր Յերոբաաղին ու անոր տանը հետ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք, Աբիմելէքին վրայ ուրախացէ՛ք, ան ալ ձեր վրայ թող ուրախանայ.

20Ապա թէ ոչ՝ թող Աբիմելէքէն կրակ ելլէ եւ Սիւքէմին բնակիչներն ու Մելօնին տունը այրէ եւ Սիւքէմին բնակիչներէն ու Մելօնին տունէն կրակ ելլէ եւ Աբիմելէքը այրէ»։

21Ետքը Յովաթամ փախաւ ազատեցաւ ու Բէեր գնաց եւ իր Աբիմելէք եղբօրմէն վախնալուն համար հոն բնակեցաւ։

22Աբիմելէք Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց։

23Աստուած Աբիմելէքին եւ Սիւքէմին բնակիչներուն մէջ չար ոգի մը ղրկեց ու Սիւքէմին բնակիչները Աբիմելէքին հետ նենգութեամբ վարուեցան.

24Որպէս զի Յերոբաաղին եօթանասուն որդիներուն եղած անիրաւութիւնը գայ եւ անոնց թափուած արիւնը անոնց եղբօրը Աբիմելէքին վրայ հասնի, որ զանոնք սպաններ էր ու Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ, որոնք անոր ձեռքերը ուժովցուցեր էին իր եղբայրները սպաննելու։

25Ուստի Սիւքէմին բնակիչները լեռներուն գլուխները անոր դարաններ պատրաստեցին եւ ճամբան իրենց քովէն բոլոր անցնողները կը թալլէին։ Այս բանը Աբիմելէքին իմացուցին։

26Եւ Աբեդին որդին Գաաղն ու անոր եղբայրները եկան, Սիւքէմի մէջ մտան եւ Սիւքէմին բնակիչները անոր ապաւինեցան

27Ու դաշտը ելլելով իրենց այգիներուն խաղողները քաղեցին եւ կոխելով ուրախութիւն ըրին ու իրենց աստուծոյն տունը մտնելով կերան ու խմեցին եւ Աբիմելէքը անիծեցին։

28Ու Աբեդեան Գաաղը ըսաւ. «Աբիմելէքը ո՞վ է եւ Սիւքէմը ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայ ըլլանք։ Անիկա Յերոբաաղին տղան չէ՞ ու Զեբուղ անոր փոխանորդը չէ՞ ։ Սիւքէմին հօրը Եմովրին մարդոցը ծառաները։ Մենք ինչո՞ւ համար անոր պիտի ծառայենք։

29Երանի՜ թէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքիս տակ անցնէր ու ես Աբիմելէքը վերցնէի եւ Աբիմելէքին ըսաւ. ‘Զօրքերդ շատցուր ու ելիր’։

30Եւ քաղաքին իշխանը Զեբուղ, երբ Աբեդեան Գաաղին խօսքերը լսեց, խիստ բարկացաւ

31Եւ ծածուկ կերպով մը Աբիմելէքին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա Աբեդեան Գաաղն ու իր եղբայրները Սիւքէմ կու գան։ Անոնք քեզի դէմ քաղաքը ոտքի պիտի հանեն։

32Ուստի դուն գիշերով ելի՛ր ու դաշտը դարանի մէջ նստէ՛ քեզի հետ եղող ժողովուրդով։

33Առաւօտուն արեւը ծագածին պէս կանուխ ելի՛ր ու եկուր քաղաքին վրայ յարձակէ՛, քանզի անիկա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը քեզի դէմ պիտի ելլեն, ուստի ձեռքէդ եկածը ըրէ՛ անոնց»։

34Ուստի Աբիմելէք եւ անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը գիշերով ելան ու չորս գունդի բաժնուելով ՝ Սիւքէմին դէմ դարանի մէջ նստան։

35Աբեդեան Գաաղը ելաւ ու քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցաւ եւ Աբիմելէք իրեն հետ եղող ժողովուրդով դարաններէն դուրս ելաւ։

36Գաաղ այն ժողովուրդը տեսնելով Զեբուղին ըսաւ. «Ահա լեռներուն գլխէն ժողովուրդ կ’իջնէ»։ Զեբուղ անոր ըսաւ. «Լեռներուն շուքը քեզի մարդոց պէս կ’երեւնայ»։

37Գաաղ դարձեալ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ահա երկրին բարձր տեղերէն՝ ՝ ժողովուրդ կ’իջնէ եւ գունդ մըն ալ Մէօնէնիմին կաղնիին ճամբով կու գայ»։

38Ու Զեբուղ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր է այն քու բերանդ, որով կ’ըսէիր թէ ‘Աբիմելէք ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայութիւն ընենք’։ Քու վար զարկած ժողովուրդդ ատիկա չէ՞. հիմա ելի՛ր ու անոր հետ պատերազմ ըրէ՛»։

39Ուստի Գաաղ Սիւքէմի բնակիչներուն առջեւէն ելելով՝ Աբիմելէքին հետ պատերազմ ըրաւ։

40Աբիմելէք զանիկա հալածեց ու անիկա անոր առջեւէն փախաւ ու մինչեւ դրանը առջեւ շատերը մեռած ինկան։

41Աբիմելէք Արումայի մէջ նստաւ ու Զեբուղ Գաաղը եւ անոր եղբայրները վռնտեց, որպէս զի ա՛լ Սիւքէմի մէջ չբնակին։

42Հետեւեալ օրը ժողովուրդը դաշտը ելաւ ու երբ Աբիմելէք իմացաւ,

43Իր ժողովուրդը առաւ, երեք գունդի բաժնեց եւ դաշտին մէջ դարանամուտ եղաւ ու երբ տեսաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս կ’ելլէ, անոնց վրայ յարձակելով զանոնք զարկաւ։

44Աբիմելէք ու անոր հետ եղող գունդը յարձակելով քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցան ու երկու գունդերը բոլոր դաշտին մէջ եղողներուն վրայ յարձակելով զանոնք զարկին։

45Աբիմելէք այն բոլոր օրը քաղաքին հետ պատերազմեցաւ ու քաղաքը առաւ եւ մէջը եղող մարդիկը կոտորեց ու քաղաքը փլցուց եւ հոն աղ ցանեց։

46Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները երբ այս բանը լսեցին, Բերիթ աստուծոյն տանը բերդը մտան։

47Աբիմելէքին իմացուցին թէ Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները հաւաքուեր են։

48Այն ատեն Աբիմելէք իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով Սելմօն լեռը ելաւ։ Աբիմելէք տապարը ձեռքը առնելով ծառի ճիւղ մը կտրեց ու զանիկա վերցուց իր ուսին վրայ դրաւ եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա տեսաք ինչ որ ես ըրի, շուտով դուք ալ ինծի պէս ըրէք»։

49Ուստի բոլոր ժողովուրդը մէկմէկ ճիւղ կտրեցին ու Աբիմելէքին ետեւէն գացին։ Ճիւղերը բերդին քով դրին ու անոնցմով բերդը կրակով այրեցին։ Այսպէս, Սիւքէմի աշտարակին բոլոր մարդիկը, որոնք հազարի չափ այր ու կին էին, մեռան։

50Ապա Աբիմելէք Թեբէս գնաց ու Թեբէսը պաշարեց ու զանիկա առաւ։

51Քաղաքին մէջտեղը ամուր աշտարակ մը կար։ Քաղաքին բոլոր բնակիչները, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին հոն փախան, դուռը ներսէն գոցեցին ու աշտարակին տանիքը ելան։

52Աբիմելէք մինչեւ աշտարակը գնաց ու անոր դէմ պատերազմեցաւ եւ աշտարակին դրանը մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա կրակով այրէ։

53Կին մը Աբիմելէքին գլխուն վրայ երկանաքարի կտոր մը նետեց եւ անոր գանկը կոտրեց։

54Աբիմելէք իր զէնքերը կրող երիտասարդը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու զիս մեռցուր, որպէս զի ինծի համար չըսեն թէ ‘Զանիկա կին մը մեռցուց’։ Երիտասարդը զանիկա սրով խոցեց ու մեռցուց։

55Իսրայէլի մարդիկը Աբիմելէքին մեռնիլը տեսնելով՝ ամէն մարդ իր տունը գնաց։

56Այսպէս Աստուած Աբիմելէքին հատուցանեց այն չարութիւնը, որ անիկա իր հօրը ըրեր էր իր եօթանասուն եղբայրները սպաննելով։

57Եւ Սիւքէմի մարդոց բոլոր չարութիւնը Աստուած անոնց հատուցանեց ու Յերոբաաղի որդիին Յովաթամին անէծքը անոնց վրայ եկաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Judges 9.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.