Judges 10WARMB

1Աբիմելէքէն յետոյ Իսաքարեան Դովդայի որդիին Փուայի որդին Թովղա ելաւ Իսրայէլը ազատելու համար։ Անիկա Եփրեմին լեռը Սամիրի մէջ կը բնակէր։

2Իսրայէլի մէջ քսանըերեք տարի դատաւորութիւն ըրաւ ու մեռաւ եւ Սամիրի մէջ թաղուեցաւ։

3Անկէ յետոյ Գաղաադացի Յայիր ելաւ եւ Իսրայէլի մէջ քսանըերկու տարի դատաւորութիւն ըրաւ։

4Անիկա երեսուն որդի ունէր, որոնք երեսուն աւանակի վրայ կը հեծնէին եւ անոնք Գաղաադի երկրին մէջ երեսուն քաղաք ունէին, որոնք մինչեւ այսօր Յայիրի գիւղաքաղաքները կը կոչուին։

5Յայիր մեռաւ ու Կամօնի մէջ թաղուեցաւ։

6Եւ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը եւ Աստարովթը ու Ասորիներու աստուածները եւ Սիդոնի աստուածները ու Մովաբի աստուածները եւ Ամմոնի որդիներուն աստուածները ու Փղշտացիներու աստուածները պաշտեցին եւ Տէրը թողուցին ու անոր ծառայութիւն չըրին։

7Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Փղշտացիներուն ձեռքն ու Ամմոնի որդիներուն ձեռքը մատնեց։

8Անոնք տասնըութը տարի Իսրայէլին որդիները նեղեցին ու հարստահարեցին, այսինքն բոլոր Իսրայէլի որդիները, որոնք Յորդանանի անդիի կողմը, Գաղաադի մէջ, Ամօրհացիներուն երկրին մէջ կը բնակէին ։

9Նաեւ Ամմոնի որդիները Յորդանանէն անցան, որպէս զի Յուդային հետ, Բենիամինի հետ ու Եփրեմին տանը հետ ալ պատերազմին։ Իսրայէլ խիստ մեծ նեղութեան մէջ էր։

10Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու ըսին. «Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, քանզի մեր Աստուածը թողուցինք ու Բահաղիմը պաշտեցինք»։

11Եւ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Չէ՞ որ ձեզ ազատեցի Եգիպտացիներէն, Ամօրհացիներէն, Ամմոնի որդիներէն ու Փղշտացիներէն.

12Նաեւ երբ Սիդոնացիները, Ամաղեկացիներն ու Մաոնացիները ձեզ նեղեցին ու դուք ինծի աղաղակեցիք, ես ձեզ անոնց ձեռքէն ազատեցի։

13Բայց դուք զիս թողուցիք եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ըրիք. անոր համար ես անգամ մըն ալ ձեզ պիտի չազատեմ։

14Գացէ՛ք ձեր ընտրած աստուածներուն աղաղակեցէք. ձեր նեղութեանը ատեն թող անոնք ձեզ ազատեն»։

15Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ըսին. «Մեղք գործեցինք. քու աչքիդ առջեւ ինչ որ հաճելի է, ըրէ մեզի. բայց միայն կ’աղաչենք, ազատէ մեզ այսօր»։

16Ուստի իրենց մէջէն օտար աստուածները վերցուցին ու Տէրոջը ծառայութիւն ըրին եւ Անոր սիրտը վշտացաւ Իսրայէլի նեղութեանը համար։

17Ամմոնի որդիները հաւաքուեցան ու Գաղաադի մէջ բանակեցան։ Իսրայէլի որդիներն ալ հաւաքուեցան ու Մասփայի մէջ բանակեցան։

18Ժողովուրդն ու Գաղաադի իշխանները իրարու ըսին. «Ով որ Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմ ընելու սկսի, անիկա Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն գլուխը թող ըլլայ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Judges 10.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.