1Եփրեմին լեռնէն Միքա անունով մարդ մը կար։
2Անիկա իր մօրը ըսաւ. «Քեզմէ առնուած այն հազար հարիւր կտոր արծաթը, որուն համար անէծք տուիր, ահա այն արծաթը իմ քովս է, զանիկա ես առի»։ Մայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզ օրհնէ»։
3Եւ անիկա հազար հարիւր կտոր արծաթը իր մօրը դարձուց. բայց անոր մայրը ըսաւ. «Ես այն արծաթը իմ ձեռքէս բոլորովին Տէրոջը նուիրեցի իմ տղուս համար, անով քանդակուած ու թափծու կուռք շինելու համար. ուստի հիմա զանիկա քեզի կու տամ»։
4Իսկ Միքա այն արծաթը իր մօրը դարձուց։ Մայրը երկու հարիւր կտոր արծաթ առաւ ու զանոնք ոսկերիչին տուաւ, ան ալ անոնցմով քանդակուած ու թափծու կուռք շինեց եւ անոնք Միքայի տունը դրուեցան։
5Ու Միքան աստուածներու տուն մը ունեցաւ ու եփուտ եւ թերափիմ շինեց ու իր տղաքներէն մէկը ընտրեց, որ իրեն քահանայ ըլլայ։
6Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար։ Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։
7Յուդային ազգատոհմէն ու Յուդային Բեթլեհէմէն պատանի մը կար։ Անիկա Ղեւտացի էր ու հոն կը բնակէր պանդուխտի պէս։
8Այս մարդը Յուդային Բեթլեհէմէն ելաւ, որպէս զի ապրուստ գտած տեղը պանդխտութիւն ընէ ու ճամբորդութիւն ընելով մինչեւ Եփրեմի լեռը ու մինչեւ Միքայի տունը գնաց։
9Միքա անոր ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու անիկա անոր ըսաւ. «Ես Ղեւտացի եմ ու Յուդային Բեթլեհէմէն կու գամ, եւ ապրուստ գտած տեղս պանդխտանալու կ’երթամ»։
10Միքա անոր ըսաւ. «Իմ քովս բնակէ եւ ինծի հայր ու քահանայ եղիր եւ ես քեզի տարուէ տարի տասը կտոր արծաթ, ձեռք մը փոխելու հանդերձ ու քու ուտելիքդ տամ»։
11Ղեւտացին հոն մնաց։ Ղեւտացին այն մարդուն հետ բնակելու հաւանութիւն տուաւ եւ այս պատանին անոր որդիներէն մէկուն պէս եղաւ անոր։
12Ու Միքա Ղեւտացին օրհնեց եւ պատանին անոր քահանայ եղաւ ու Միքայի տունը կը բնակէր։
13Եւ Միքա ըսաւ. «Հիմա աղէկ գիտեմ որ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ, քանզի այս Ղեւտացին իմ քահանաս եղաւ»։