1Սամփսոն Գազա գնաց ու հոն պոռնիկ կին մը տեսաւ ու անոր մտաւ։
2Գազացիներուն ըսուեցաւ թէ Սամփսոն հոս եկեր է։ Պաշարեցին ու բոլոր գիշերը անոր դարանակալ եղան քաղաքին դրանը քով ու բոլոր գիշերը լուռ կեցան եւ ըսին. «Առաւօտուն զանիկա կը մեռցնենք»։
3Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր քնացաւ ու կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը բռնեց, զանոնք նիգովը մէկտեղ փրցուց ու կռնակը առնելով զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը հանեց։
4Անկէ ետքը Սովրեկ հեղեղատին եզերքը բնակող կին մը սիրեց։ Անոր անունը Դալիլա էր։
5Փղշտացիներու նախարարները կնոջ քով գացին ու անոր ըսին. «Զանիկա խաբէ ու անկէ հասկցիր թէ անոր մեծ զօրութիւնը ինչէ՞ն է եւ թէ ինչո՞վ կրնանք անոր յաղթել, որպէս զի զանիկա կապենք ու հնազանդեցնենք։ Ատոր համար քեզի ամէն մէկս հազար հարիւր կտոր արծաթ կու տանք»։
6Ու Դալիլա Սամփսոնին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է եւ քեզ հնազանդեցնելու համար ի՞նչ բանով կապել պէտք է»։
7Սամփսոն անոր ըսաւ. «Եթէ զիս եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլերով՝ ՝ կապեն, կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։
8Փղշտացիներու նախարարները անոր եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլեր բերին։ Զանիկա անոնցմով կապեց։
9Ներքին սենեակին մէջ դարանակալ մարդիկ նստեր էին։ Ու կինը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Այն ատեն անիկա ջիլերը կրակի հոտէն փրթած խծուծէ լարի պէս փրցուց։ Ասով ալ անոր ոյժին գաղտնիքը չհասկցուեցաւ։
10Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Ահա զիս խաբեցիր ու ինծի սուտ խօսեցար. հիմա կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։
11Ան ալ ըսաւ. «Եթէ զիս նոր ու չգործածուած չուաններով աղէկ մը կապեն, այն ատեն կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։
12Դալիլա նոր չուաններ առաւ եւ անոնցմով զանիկա կապեց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ (Դարանակալ մարդիկ ներքին սենեակին մէջ նստեր էին։) Սամփսոն զանոնք իր թեւերէն դերձանի պէս փրցուց։
13Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Մինչեւ հիմա զիս խաբեցիր եւ ինծի սուտ խօսեցար։ Ըսէ՛ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ Ու անիկա ըսաւ անոր. «Եթէ գլխուս եօթը բաժին մազերը աղբով հիւսես»։
14Անիկա այնպէս ըրաւ, ու գործարանին ցիցովը ամուրցուց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Անիկա քունէն արթնցաւ ու ոստայնին ցիցը աղբովը մէկտեղ քաշեց տարաւ ։
15Այն ատեն Դալիլա անոր ըսաւ. «Քու սիրտդ ինծի հետ չէ։ Ի՞նչպէս կ’ըսես թէ ‘Քեզ կը սիրեմ’։ Երեք անգամ է, որ զիս կը խաբես ու ինծի չըսիր թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է»։
16Որովհետեւ ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն կու տար ու զանիկա կը բռնադատէր, այնպէս որ անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ։
17Ուստի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր պատմեց ու ըսաւ անոր. «Իմ գլխուս վրայ ածելի չէ դպած. քանզի իմ մօրս արգանդէն ես Աստուծոյ ուխտաւոր եմ։ Եթէ ածիլուիմ, իմ ոյժս ինծմէ կ’երթայ ու կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։
18Երբ Դալիլա տեսաւ որ անիկա բոլոր իր սրտին մէջ եղածը իրեն պատմեց, նախարարները կանչել տուաւ ու ըսաւ. «Այս անգամ ելէ՛ք. քանզի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը ինծի յայտնեց։ Այն ատեն նախարարները անոր քով ելան ու արծաթն ալ իրենց հետ բերին։
19Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն եօթը բաժին մազերը ածիլել տուաւ ու սկսաւ զանիկա նեղել եւ անոր ոյժը իրմէ գացած էր։
20Կինը ըսաւ. «Ո՛վ Սամփաոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Անիկա քունէն արթննալով ըսաւ. «Ելլեմ ու միւս անգամներուն պէս ցնցուիմ»։ Անիկա չէր գիտեր թէ Տէրը իրմէ գացեր էր։
21Փղշտացիները զանիկա բռնեցին եւ անոր աչքերը փորեցին ու զանիկա Գազա իջեցուցին եւ ոտնակապերով կապեցին ու բանտին մէջ աղօրիքի քար կը դարձնէր։
22Անոր գլխուն մազը սկսաւ բուսնիլ։
23Փղշտացիներու նախարարները հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց աստուծոյն՝ Դագոնին՝ մեծ զոհ մատուցանեն եւ ուրախութիւն ընեն ու ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամի Սամփսոնը»։
24Ու ժողովուրդը զանիկա տեսնելով՝ իրենց աստուածը գովեցին. քանզի ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին, մեր երկիրը աւրողը եւ մեզմէ շատեր մեռցնողը»։
25Երբ անոնց սիրտը ուրախ էր, ըսին. «Սամփսոնը կանչեցէք, որ մեր առջեւ խաղայ»։ Ուստի Սամփսոնը բանտէն կանչեցին ու անոնց առջեւ խաղաց եւ զանիկա սիւներուն մէջտեղ կայնեցուցին։
26Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող պատանիին ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, որ այս տունը վերցնող սիւները բռնեմ ու անոնց վրայ կռթնիմ»։
27Տունը այր եւ կիներով լեցուն էր ու Փղշտացիներու բոլոր նախարարները հոն էին եւ տանիքին վրայ երեք հազարի չափ մարդիկ ու կիներ կային, որոնք Սամփսոնին խաղալը կը դիտէին։
28Սամփսոն Տէրոջը աղաղակելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. ո՛վ Աստուած, միայն այս անգամ ալ զիս զօրացուր, որպէս զի Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։
29Ու Սամփսոն այն տունը վերցնող երկու միջին սիւները, մէկը աջ ձեռքովը ու միւսը ձախ ձեռքովը բռնելով, անոնց վրայ կռթնեցաւ
30Եւ Սամփսոն ըսաւ. «Իմ անձս Փղշտացիներուն հետ թող մեռնի» ու բոլոր ուժովը ծռեցաւ եւ տունը՝ նախարարներուն ու իր մէջը եղող բոլոր ժողովուրդին վրայ ինկաւ։ Իր մեռած ատենը մեռցուցածները իր կենդանութեան ատենը մեռցուցածներէն աւելի էին։
31Այն ատեն եղբայրները եւ բոլոր հօրը տունը իջան ու զանիկա վերցուցին եւ հանեցին իր հօրը Մանուէին գերեզմանը թաղեցին՝ Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։