1Յուդայի որդիներուն ցեղին վիճակը իրենց տոհմերուն համեմատ՝ մինչեւ Եդովմայեցիներուն սահմանը կը հասնէր. հարաւային կողմէն Սին անապատը անոնց հարաւային ծայրն էր։
2Անոնց հարաւային սահմանը այս եղաւ՝ Աղի ծովուն ծայրէն, այսինքն հարաւակողմը նայող ծոցէն, սկսելով
3Ու հարաւային կողմէն Ակրաբիմի զառիվերը ելլելով Սին կ’անցնի ու հարաւային կողմէն Կադէս-Բառնեայ ելլելով Եսրոն կ’անցնի. ետքը դէպի Ադդար ելլելով Կարկայի կողմը կը պտըտի.
4Ետքը Ասեմոնէն անցնելով Եգիպտոսին հեղեղատը կ’ելլէ ու այս սահմանը ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Ձեր հարաւային սահմանը այս է։
5Արեւելեան սահմանը Աղի ծովն է մինչեւ Յորդանանի ծայրը։ Հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանի ծայրը եղող ծոցէն կը սկսի
6Եւ այս սահմանը մինչեւ Բեթագղա կ’ելլէ ու Բեթարաբայի հիւսիսային կողմէն կը պտըտի եւ այս սահմանը մինչեւ Ռուբէնեան Բաանի վէմը կ’ելլէ.
7Ետքը այս սահմանը Աքովրի ձորէն Դաբիր կ’ելլէ ու հիւսիսային կողմէն Գաղգաղա կը դառնայ, որ այն ձորին հարաւակողմը եղող Էդովմինի զառիվերին դէմ է եւ այս սահմանը Ենսամիւսի ջուրէն կ’անցնի ու Ռովգելի աղբիւրը կը վերջանայ
8Եւ այս սահմանը Ենովմի որդիին ձորը՝ հարաւային կողմէն Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի, քով կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ այն լերան գլուխը կ’ելլէ, որ արեւմտեան կողմէն Ենովմի ձորին դէմն է ու հիւսիսային կողմէն Ռափայիններուն ձորին ծայրն է
9Եւ այս սահմանը լերանը գլխէն մինչեւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կը հասնի ու Եփրոն լերանը քաղաքները կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ Բաաղա, այսինքն Կարիաթարիմ կը հասնի
10Եւ այս սահմանը Բաաղայէն դէպի արեւմուտք Սէիր լեռը կը պտըտի ու հիւսիսային կողմէն Յարիմ լերանը քովէն կ’անցնի, որ Քեսաղօն է. անկէ Բեթսամիւս կ’իջնէ ու Թամնա կ’անցնի
11Եւ այս սահմանը Ակկարոնին քով կ’ելլէ դէպի հիւսիս ու այս սահմանը Սաքարօն հասնելով՝ Բաաղա լեռնէն կ’անցնի ու Յաբնէլ կ’ելլէ եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։
12Արեւմտեան սահմանը մեծ ծովուն եզերքն է։ Յուդայի որդիներուն սահմանը շուրջանակի իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
13Յեփոնեան Քաղէբի՝ Յուդայի որդիներուն մէջ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը բաժին տուաւ, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր
14Եւ Քաղէբ անկէ Ենակին երեք որդիները, Սէսին ու Աքիմանը եւ Թոլմին, Ենակին որդիները, վռնտեց
15Եւ անկէ Դաբիրի բնակիչներուն վրայ գնաց (ու Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)
16Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ Աքսա աղջիկս անոր կնութեան պիտի տամ»
17Եւ Քաղէբին եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը առաւ զանիկա ու Քաղէբ իր Աքսա աղջիկը անոր կնութեան տուաւ։
18Ու երբ անոր կ’երթար զանիկա յորդորեց, որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ եւ իշուն վրայէն վար իջաւ ու Քաղէբ անոր ըսաւ. «Ի՞նչ եղաւ քեզի»։
19Աղջիկը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր. որովհետեւ ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի ջուրի աղբիւրներ՝ ՝ ալ տուր»։ Ուստի անոր՝ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ։
20Յուդայի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է՝,
21Եդովմի սահմանին քով հարաւային կողմը Յուդայի որդիներուն ցեղին վերջին քաղաքները ասոնք են՝ Կաբեսէէլ, Եդեր, Յագուր,
22Կինա, Դէմօնա, Ադադա,
23Կադէս, Հասոր, Յեթնան,
24Զիփ, Տէլէմ, Բաալօթ,
25Հասոր-Ադաթա, Կարիօթ Եսրոն՝ ՝ որ է Հասոր,
26Ամամ, Սամա, Մօլադա,
27Ասեր-Գադդա, Եսեմոն, Բեթփաղէթ,
28Ասեր-Սուաղ, Բերսաբէէ, Բազիօթիա,
29Բաաղա, Իյիմ, Ասէմ,
30Էլթուղադ, Քէսիլ, Հօրմա,
31Սիկելակ, Մադմաննա, Սանսաննա,
32Լաբաովթ, Սէլէմ, Ային ու Ռեմօն. ամէնը քսանըինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
33Դաշտավայրի մէջ՝ Եսթաւուղ, Սարաա, Ասնա,
34Զանով, Ենգանիմ, Թափուա, Ենայիմ,
35Յերիմութ, Ոդողոմ, Սոքով, Ազեկա,
36Սագարիմ, Ատիթայիմ եւ Գադերա (ու Գադերօթայիմ). տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
37Սէննան, Ադասա, Մագդաղգադ,
38Դաղաան, Մասփա, Յեկթովէլ,
39Լաքիս, Բազկաթ, Էգղոն, Քաբբօն,
40Լամաս, Քիթլիս,
41Գադերօթ, Բեթդագոն, Նաամա ու Մակեդա- տասնըվեց քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
42Լեբնա, Եթեր, Ասան,
43Յեփթա, Ասնա, Նեսիբ,
44Կէիլա, Աքեզիբ եւ Մարեսա. ինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
45Ակկարոն իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը.
46Ակկարոնէն մինչեւ ծովը, Ասեդովթին քովի բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը.
47Ասեդովթ իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. Գազա իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը ու մինչեւ մեծ ծովը իր սահմաններովը։
48Եւ լեռնավայրի վրայ՝ Սամիր, Յաթիր, Սոքով,
49Դաննա, Կարիաթ-Սաննա, այսինքն Դաբիր,
50Անաբ, Եսթեմով, Անիմ,
51Գոսոմ, Քօղօն ու Գեղոն. տասնըմէկ քաղաք ու անոնց գիւղերը։
52Երեբ, Դումա, Եսան,
53Յանում, Բեթթափուա, Ափեկա,
54Քամմատա, Կարիաթ-Արբա, այսինքն Քեբրոն ու Սիովր. ինը քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
55Մաոն, Կարմեղոս, Զիփ, Յետտա,
56Յեզրայէլ, Յեկդաամ, Զանով,
57Կային, Գաբաա ու Թամնա. տասը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
58Աղուղ, Բեթսուր, Գեդովր,
59Մաարաթ, Բեթանովթ ու Ելթեկոն. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
60Կարիաթ-Բաաղ, այսինքն Կարիաթարիմ ու Ռաբբա. երկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
61Անապատին մէջ Բեթարաբա, Մադդին, Սեքաքա,
62Նեբսան, աղի քաղաքը ու Ենգադդի. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
63Բայց Յուդայի որդիները կարող չեղան Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները վռնտել. ուստի Յեբուսացիները Յուդայի որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ կը բնակին մինչեւ այսօր։