1Տէրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.
2«Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։
3Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսին ըսի՝
4Անապատէն ու Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացիներուն բոլոր երկիրը մինչեւ մեծ ծովը արեւմտեան կողմը՝ ձեր սահմանը պիտի ըլլայ։
5Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։
6Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը քու առաջնորդութեամբդ պիտի ժառանգէ այն երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի, որ իրենց տամ։
7Միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես. անկէ աջ կամ ձախ կողմ մի՛ խոտորիր, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես՝ ՝։
8Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։
9Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։
10Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսաւ.
11«Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին ապսպրեցէք. ‘Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ’»։
12Յեսու Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն եւ Մանասէի կէս ցեղին ըսաւ.
13«Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։
14Ձեր կիները, ձեր տղաքները եւ ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը. բայց դուք ամէնքդ, որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջեւ անցնելով, անոնց օգնեցէք
15Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ եւ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դարձէք եւ ժառանգեցէք զանիկա, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք’»։
16Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի ընենք եւ ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։
17Ինչպէս Մովսէսին հնազանդ էինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդ պիտի ըլլանք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսին հետ էր։
18Ամէն մարդ, որ քու հրամանիդ դէմ դնէ եւ ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, թող մեռցուի. միայն թէ զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր»։