1Մովսէս Մովաբի դաշտերէն Նաբաւ լերանը վրայ Երիքովի դիմացի Փասգայի գագաթը ելաւ եւ Տէրը անոր ցուցուց բոլոր Գաղաադի երկիրը մինչեւ Դան,
2Նաեւ բոլոր Նեփթաղիմը ու Եփրեմի եւ Մանասէի երկիրը ու Յուդայի բոլոր երկիրը մինչեւ արեւմտեան ծովը
3Եւ հարաւային կողմն ու Երիքովի հովիտին դաշտը ու Արմաւենիներու քաղաքը մինչեւ Սեգովր։
4Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Այս է այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զանիկա’։ Ահա քու աչքերուդ ցուցուցի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։
5Այսպէս Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ հոն Մովաբի երկրին մէջ, Տէրոջը ըսածին պէս մեռաւ։
6Տէրը զայն Բեթփեգովրի դէմ, Մովաբի երկիրը ձորի մը մէջ թաղեց ու մինչեւ այսօր ոեւէ մարդ անոր գերեզմանին տեղը չգիտցաւ։
7Եւ Մովսէս իր մեռած ատենը հարիւր քսան տարեկան էր. անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց։
8Իսրայէլի որդիները Մովաբի դաշտերուն մէջ Մովսէսին համար երեսուն օր լացին ու Մովսէսին համար սուգի եւ լացի օրերը լմնցան։
9Եւ Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ, որովհետեւ Մովսէս իր ձեռքերը անոր վրայ դրեր էր ու Իսրայէլի որդիները անոր հնազանդեցան եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, այնպէս ըրին։
10Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չեղաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ
11Եւ Տէրոջ կողմէ Եգիպտոս ղրկուեցաւ նշաններով ու հրաշքներով Փարաւոնին, ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին առջեւ ընելու
12Եւ որը զօրաւոր ձեռքով եւ մեծ սոսկումով ըրաւ Իսրայելացիներուն աչքին առջեւ։