Jonah 3WARMB

1Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով.

2«Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ»։

3Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց։ Նինուէ խիստ մեծ քաղաք մըն էր՝ երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ ։

4Յովնան քաղաքը մտաւ ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով ՝ կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։

5Նինուէացիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան։

6Այս խօսքը Նինուէի թագաւորին հասաւ։ Անիկա իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ

7Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ ու թագաւորին ու իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց՝ ըսելով. «Մարդ ու անասուն, արջառ ու ոչխար թող բան չուտեն, չարածին ու ջուր չխմեն

8Եւ մարդիկ ու անասուններ քուրձ թող հագնին ու բոլոր ուժով Աստուծոյ թող աղաղակեն։ Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն ու իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն թող դառնայ.

9Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ ու գթայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ ու չկորսուինք»։

10Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Jonah 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.