Jonah 2WARMB

1Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ

2Ու ըսաւ. «Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի Եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։ Գերեզմանին փորէն կանչեցի Ու իմ ձայնս լսեցիր։

3Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը նետեցիր Ու հեղեղները զիս պաշարեցին. Կոհակներն ու ալիքները իմ վրայէս անցան»։

4Ու ես ըսի. «Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ, Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ»։

5Զիս մինչեւ հոգիս ջուրերը պաշարեցին, Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց, Կնիւները գլուխս փաթթուեցան։

6Լեռներուն տակերը իջայ, Երկիրը իր նիգերովը իմ բոլորտիքս էր, Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։

7Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի Ու իմ աղօթքս քեզի՝ քու սուրբ տաճարդ՝ հասաւ։

8Սուտ ունայնութիւններու նայողները Իրենց ողորմութիւնը թողուցին,

9Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։ Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։

10Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ, ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Jonah 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.