Job 31WARMB

1«Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։

2Քանզի վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի ինծի Ու բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։

3Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞ Ու սոսկալի պատիժը ՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։

4Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չի՞ տեսներ Ու ամէն քայլերս չի՞ համրեր։

5Եթէ ստութեան մէջ քալեցի, Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց,

6Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով Ու Աստուած իմ անմեղութիւնս գիտնայ։

7Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւ Ու սիրտս աչքերուս ետեւէն գնաց Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ,

8Թող ես սերմանեմ եւ ուրիշը ուտէ Ու բուսցուցածս արմատէն թող փրցուի։

9Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ, Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ,

10Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ Եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։

11Վասն զի այս պղծագործութիւն է Ու դատաւորներէն դատուելու անօրէնութիւն։

12Լափող կրակ մըն է, որ պիտի վառի մինչեւ զիս կորսնցնէ Ու բոլոր արդիւնքս արմատէն խլէ։

13Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ունել չուզեցի Ու ինծի հետ վեճ ունեցան,

14Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ Ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։

15Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։ Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։

16Եթէ աղքատին խնդրածը չտուի Ու որբեւարիին աչքերը մարեցուցի,

17Եթէ պատառս մինակ կերայ Ու անկէ որբն ալ չկերաւ,

18(Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի զանիկա Ու մօրս արգանդէն անոր խնամք տարի),

19Եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ, Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ

20Ու եթէ անոր երանքը չօրհնեցին զիս Ու իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցան,

21Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի, Երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան,

22Թող իմ անրակս ուսէս իյնայ Ու բազուկս արմուկէս կտրուի։

23Քանի որ Աստուծոյ դատաստանէն կը վախնայի Ու անոր մեծափառութեանը առջեւ չէի կրնար կենալ ։

24Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի, Զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես ’.

25Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համար Ու ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ,

26Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը, Կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին

27Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ Ու բերանս ձեռքս համբուրեց

28(Որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, Քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի),

29Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ, Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի

30( Լեզուիս ալ թողուցի, որ մեղք գործէ՝ Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով),

31Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին՝ ‘ Ո՞վ անոր միսէն չէ կշտացած՝ ՝’

32(Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար, Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի).

33Եթէ յանցանքներս Ադամին պէս ծածկեցի Ու անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի,

34Շատ բազմութենէ վախնալով Ու ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով, Ա՛լ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ։

35Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար (Ահա այս է իմ փափաքս, որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայ) Ու իմ ոսոխիս ամբաստանագիր մը գրէր։

36Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի.

37Քայլերուս համրանքը անոր պիտի ըսէի, Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր։

38Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէ Ու անոր ակօսները լան,

39Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ, Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի,

40Ցորենին տեղ՝ փուշ Ու գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ»։ Յոբին խօսքերը լմնցան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 31.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.