Isaiah 19WARMB

1Եգիպտոսին պատգամը։ Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է Ու Եգիպտոս կը մտնէ։ Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։

2«Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ Եգիպտացներուն դէմ։ Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ, Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ Պատերազմ պիտի ընէ։

3Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղի Եւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։ Անոնք կուռքերու, կախարդներու, Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։

4Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ», Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։

5Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։

6Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին՝ ՝ Ու պարսպապատ քաղաքներուն ՝ ՝ գետերը պիտի պարպուին ու չորնան, Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։

7Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտները Եւ գետին բոլոր վարուցանը Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։

8Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն Ու գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան, Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։

9Բարակ քթան գործողները Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։

10Անոր սիւները պիտի կոտրտին Ու բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։

11Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են. Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։ Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝ «Ես իմաստուններու որդի եմ, Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։

12Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ, Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացընեն Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։

13Տայանիսին իշխանները յիմարացան. Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան. Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։

14Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեց Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին, Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։

15Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ, Որ գլուխ կամ պոչ եղողը Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։

16Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ Ու պիտի դողայ եւ զարհուրի Զօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն, Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։

17Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։ Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայ Զօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով, Որ անոր դէմ սահմաներ է։

18Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Քանանի լեզուն խօսող Եւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընող Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ։ Մէկը Արեգ քաղաք պիտի կոչուի։

19Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։

20Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ. Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով Տէրոջը պիտի աղաղակեն Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։

21Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի Ու Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։

22Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։ Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէ Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բշկէ։

23Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ Ու Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթան Ու Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։

24Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։

25Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ Ու պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ Եգիպտոս Ու իմ ձեռքերուս գործը՝ Ասորեստան Եւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 19.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.