Isaiah 18WARMB

1Ո՛վ Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը եղող Թեւերով հովանաւոր երկիր,

2Որ ծովէն՝ պրտուեղէն նաւակներով Ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ կը ղրկէ։ Ո՛վ արագընթաց դեսպաններ, գացէ՛ք Երկայնահասակ ու լերկ՝ ՝ ազգին, Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդին, Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգին, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն։

3Ո՛վ աշխարհի բնակիչներ, Ու երկրի վրայ բնակողներ, Երբ լեռներուն վրայ դրօշակ բարձրացուի՝ նայեցէ՛ք Ու երբ փող հնչուի՝ լսեցէ՛ք։

4Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Ես հանգիստ պիտի ըլլամ ու իմ բնակարանէս պիտի նայիմ՝ Խոտի վրայի՝ ՝ պայծառ տաքութեանը պէս Ու հունձքերու տաքութեանը մէջ ցօղաբեր ամպի պէս»։

5Քանզի հունձքի ժամանակէն առաջ, Երբ ընձիւղը մեծնայ Ու ծաղիկը ազոխ ըլլալով հասնելու ըլլայ, Անիկա ճիւղերը յօտոցով պիտի կտրէ Եւ ուռերը պիտի փրցնէ նետէ։

6Անոնք մէկտեղ լեռներու թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն պիտի թողուին։ Թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցընեն Ու երկրի բոլոր գազանները անոնց վրայ պիտի ձմեռեն։

7Այն ժամանակ զօրքերու Տէրոջը ընծայ պիտի բերուի՝ Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն՝ Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդէն՝ Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգէն, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն՝ Զօրքերու Տէրոջը անուանը տեղ՝ Սիօն լեռը՝ ընծայ պիտի բերեն։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 18.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.