1«Ո՛վ երկինք, ականջ դրէք որ խօսիմ Ու երկիրը բերնիս խօսքերուն թող մտիկ ընէ։
2Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի, Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, Անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ Ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ,
3Քանզի Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք
4Աստուծոյ գործը կատարեալ է Քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. Անիկա արդար եւ ուղիղ է։
5Ասոնք ապականեցան, իրենց արատը անոր որդիներուն չէ. Ասիկա խոտորած ու ծռած ազգ մըն է։
6Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ասիկա՞ է, Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ, Քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։
7Հին օրերը միտքդ բեր, Անցած դարերուն տարիները յիշէ՛, Քու հօրդ հարցուր ու թող քեզի պատմէ։ Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն։
8Երբ Բարձրեալը ազգերուն ժառանգութիւնը բաժնեց Ու Ադամի որդիները տարածեց, Ազգերուն սահմանները Իսրայէլի որդիներուն թիւովը դրաւ։
9Քանզի Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է Ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբն է։
10Զանիկա ամայի երկրի մէջ, Անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ. Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց Ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։
11Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, Կը շարժի իր ձագերուն վրայ, Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ Ու թեւերովը կը վերցնէ,
12Այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց Ու անոր հետ օտար աստուած չկար։
13Զանիկա երկրի բարձր տեղերուն վրայ հանեց, Որպէս զի արտերուն պտուղը ուտէ Ու անոր վէմէն՝ մեղր Ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ։
14Անոր կովերուն իւղ ու ոչխարներուն կաթ կերցուց, Գառներու ու Բասանի խոյերու եւ նոխազներու ճարպով Ու ցորենի ընտիր ալիւրով՝ ՝ Եւ խաղողին արիւնով՝ գինի խմեցիր։
15Ու Իսրայէլ գիրնալով աքացեց (Գիրցար, հաստըցար, իւղ կապեցիր.) Ու իր Արարիչ Աստուածը թողուց Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։
16Օտար աստուած ներով անոր նախանձը գրգռեցին Ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին։
17Դեւերուն զոհ մատուցանեցին, բայց ո՛չ Աստուծոյ Իրենց չգիտցած աստուածներուն, Նոր ու մօտերս եղողներուն, Որոնցմէ ձեր հայրերը չվախցան։
18Դուն քեզ ծնանող Վէմը մոռցար Ու քեզ ստեղծող Աստուածը մտքէդ հանեցիր։
19Տէրը տեսնելով զզուեցաւ Որովհետեւ իր տղաքներն ու աղջիկները զինք սրդողցուցին։
20Ուստի ըսաւ. ‘Անոնցմէ երեսս պիտի ծածկեմ Ու տեսնեմ թէ անոնց վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք ծուռ ազգ մըն են, Անհաւատարիմ որդիներ են։
21Անոնք չաստուածներով իմ նախանձս գրգռեցին Ու իրենց սնոտի բաներովը զիս սրդողցուցին. Ես ալ անպիտան ժողովուրդով մը անոնց նախանձը պիտի գրգռեմ Ու անմիտ ազգով մը զանոնք պիտի սրդողցնեմ։
22Քանզի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ Եւ դժոխքէն մինչեւ ներքին տեղերը պիտի այրէ, Երկիրը եւ անոր արմտիքը պիտի ուտէ Ու լեռներուն հիմերը պիտի բռնկեցնէ։
23Անոնց վրայ չարիք պիտի դիզեմ, Իմ նետերս անոնց վրայ նետելով պիտի հատցնեմ։
24Անօթութեամբ պիտի մաշին Ու հրատագնապ տենդով՝ ՝ եւ դառն ժանտախտով պիտի հատնին Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները Ու գետնին վրայ սողացողներուն թոյնը պիտի ղրկեմ։
25Դուրսէն սուրը ու ներսէն վախը՝ Երիտասարդներն ու կոյս աղջիկները, Կաթնկեր տղաքները Ու ալեւոր ծերերը պիտի ջարդեն։
26Ըսի թէ զանոնք երկրի ամէն կողմը պիտի ցրուեմ, Անոնց յիշատակը մարդոց մէջէն պիտի վերցնեմ,
27Ոչ թէ թշնամիին բարկութենէն վախցայ, այլ Չըլլայ որ անոնց հակառակորդները ուրանան, Չըլլայ որ ըսեն թէ ‘Այս բոլոր բանը ընողը Մեր բարձր ձեռքն է եւ ոչ թէ Տէրը’։
28Քանզի անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են Ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։
29Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային ու այս բանը հասկնային Եւ իրենց վախճանին վրայ մտածէին։
30Մարդ մը հազարը ի՞նչպէս կը հալածէր Ու երկու մարդ տասը հազարը ի՞նչպէս կրնային փախցնել, Եթէ անոնց Վէմը զանոնք չծախէր Ու Տէրը զանոնք չմատնէր։
31Քանզի անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ Եթէ նոյնիսկ մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր ըլլան.
32Վասն զի անոնց որթատունկը Սոդոմի որթատունկէն է Ու Գոմորի արտէն է. Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են Ու անոնց ողկոյզները դառն են.
33Անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը Ու իժերուն մահառիթ թոյնն է։
34Ասիկա իմ քովս պահուած Ու իմ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։
35Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը։ Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի գլորի. Վասն զի անոնց կորստեան օրը մօտ է Ու անոնց գլխուն գալիքները կ’արտորան։
36Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը պիտի դատէ Ու իր ծառաներուն վրայ պիտի գթայ, Որովհետեւ պիտի տեսնէ անոնց տկարութիւնը, Երբ բանտարկուած կամ ազատ չըլլայ։
37Եւ պիտի ըսէ. ‘Ո՞ւր են անոնց աստուածները, Այն վէմը՝ որուն վրայ իրենց յոյսը դրեր էին,
38Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները Ու ըմպելի նուէրներուն գինին խմողները։ Թող ելլեն ու ձեզի օգնեն Եւ ձեզի պաշտպան ըլլան»։
39«Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ՝ ՝ Ու ինծմէ ուրիշ Աստուած չկայ. Ես կը մեռցնեմ ու ես կ’ապրեցնեմ. Ես կը զարնեմ ու ես կը բժշկեմ Ու իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ։
40Քանզի ձեռքս երկինք վերցնելով կ’ըսեմ. ‘Ես յաւիտեան կենդանի եմ’։
41Եթէ փայլակի պէս սուրս սրեմ Ու ձեռքս դատաստանի երկնցնեմ, Իմ թշնամիներուս վրէժխնդրութիւն պիտի ընեմ Եւ զիս ատողներուն հատուցում պիտի ընեմ։
42Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնէն, Թշնամիներու իշխաններուն գլխէն Իմ նետերս արիւնով պիտի արբեցնեմ Ու իմ սուրս միս պիտի ուտէ։
43Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք, Քանզի իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ. Իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ Եւ իր երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ»։
44Ուստի Մովսէս Նաւեան Յեսուին հետ եկաւ ու այս երգին բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն լսցուց։
45Երբ Մովսէս այս ամէն խօսքերը լմնցուց,
46Անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։
47Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։
48Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
49«Աբարիմ լեռը ելիր, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովին դիմացի Նաբաւ լեռը ու տես Քանանի երկիրը որ Իսրայէլի որդիներուն իբր կալուածք պիտի տամ։
50Սակայն այդ լերան վրայ պիտի մեռնիս ու քու ժողովուրդիդ խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն Հովր լերան վրայ մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ.
51Որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սին անապատը, Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ ինծի անհնազանդ եղաք. քանզի Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս չփառաւորեցիք։
52Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։