1Մովսէս գնաց բոլոր Իսրայէլին յայտնեց այս խօսքերը
2Ու անոնց ըսաւ. «Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ։ Ա՛լ ելլելու ու մտնելու կարողութիւն չունիմ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։
3Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ պիտի անցնի ու այս ազգերը քու առջեւէդ ինք պիտի կորսնցնէ եւ դուն անոնց երկիրը պիտի ժառանգես։ Տէրոջը ըսածին պէս Յեսու պիտի երթայ քու առջեւէդ։
4Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամօրհացիներու Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն եւ անոնց երկրին ըրաւ, զանոնք բնաջինջ ընելով։
5Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի տայ ու իմ ձեզի բոլոր պատուիրածիս պէս պէտք է ընէք անոնց։
6Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։
7Մովսէս Յեսուն կանչեց ու բոլոր Իսրայէլի առջեւ անոր ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու։ Դուն պիտի տանիս, որ ժառանգեն։
8Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։
9Մովսէս այս օրէնքը գրեց եւ զանիկա Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ։
10Մովսէս անոնց պատուիրեց. «Ամէն եօթներորդ տարին, թողութեան տարիին ատենը, տաղաւարահարաց տօնին,
11Երբ բոլոր Իսրայէլ կու գայ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու անոր ընտրած տեղը այն ատեն բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը պիտի կարդաք, որպէս զի լսեն։
12Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներդ ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն։
13Անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին, բոլոր այն օրերուն մէջ որչափ որ պիտի ապրիք այն երկրին վրայ, որ ժառանգելու համար Յորդանանէն պիտի անցնիք»։
14Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա մեռնելու օրերդ մօտեցան. Յեսուն կանչէ ու վկայութեան խորանը ներկայացէք, որպէս զի անոր պատուէր տամ»։ Ուստի Մովսէս ու Յեսու գացին վկայութեան խորանը ներկայացան։
15Տէրը ամպի սիւնով խորանին մէջ երեւցաւ ու ամպի սիւնը վկայութեան խորանին դրանը վրայ կեցաւ։
16Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա դուն քու հայրերուդ հետ պիտի ննջես ու այս ժողովուրդը պիտի ելլէ ու իր գացած երկրին օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով՝ անոր մէջ շնութիւն պիտի ընէ եւ զիս պիտի թողու ու իրեն հետ ըրած ուխտս պիտի խափանէ։
17Այն օրը իմ բարկութիւնս իր վրայ բորբոքելով՝ զանոնք պիտի լքեմ ու երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, որ բնաջինջ ըլլան։ Շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպելով՝ պիտի ըսեն. ‘Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքները կը կրենք’։
18Բայց ես իմ երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ անոնց ըրած բոլոր չարութեանը համար, որովհետեւ ուրիշ աստուածներու դարձան։
19Ուստի հիմա այս երգը գրեցէք ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուցէք զանիկա անոնց բերանը դնելով, որպէս զի այս երգը Իսրայէլի որդիներուն մէջ ինծի վկայութեան համար ըլլայ։
20Քանզի զանոնք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որուն համար ես անոնց հայրերուն երդում ըրի եւ անոնք պիտի ուտեն ու կշտանան եւ գիրնան ու ետքը ուրիշ աստուածներու դառնալով եւ անոնց ծառայութիւն ընելով՝ զիս պիտի արհամարհեն ու իմ ուխտս պիտի խափանեն։
21Իսկ երբ անոնք շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպին, այս երգը անոնց դէմ պիտի վկայէ. որովհետեւ անոնց զաւակներուն բերնէն պիտի չմոռցուի. վասն զի գիտեմ անոնց խորհուրդը՝ որ այսօր կ’ընեն, քանի որ դեռ իմ երդումով խոստացած երկիրս տարած չեմ զանոնք»։
22Ուստի Մովսէս նոյն օրը այս երգը գրեց ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զանիկա։
23Տէրը Նաւէի որդիին Յեսուին պատուիրելով ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի Իսրայէլի որդիները դուն պիտի տանիս այն երկիրը, որուն համար անոնց երդում ըրի ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։
24Երբ Մովսէս այս օրէնքին բոլոր խօսքերը գրքի մը մէջ գրեց լմնցուց,
25Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն պատուիրեց ու ըսաւ.
26«Այս օրէնքին գիրքը առէք ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք, որպէս զի հոն ձեզի դէմ վկայութեան համար ըլլայ.
27Քանզի ես քու ապստամբութիւնդ ու քու պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ։ Այսօր, երբ տակաւին ես ողջ եմ, դուք Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն կ’ընէք, ա՛լ որչա՜փ աւելի իմ մեռնելէս ետքը։
28Ձեր ցեղերուն բոլոր ծերերն ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս հաւաքեցէ՛ք, որպէս զի անոնց այս խօսքերը յայտնեմ, որ լսեն եւ երկինքն ու երկիրը վկայ բռնեմ անոնց.
29Քանզի գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք՝ ՝ ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք ու չարիքներու պիտի հանդիպիք. որովհետեւ Տէրոջը առջեւ չարութիւն պիտի ընէք ու ձեր ձեռքերուն գործերովը զանիկա պիտի սրդողեցնէք»։
30Ուստի այս երգին խօսքերը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ականջներուն խօսեցաւ։