1Դաւիթ, այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց, այս երգին խօսքերը Տէրոջը խօսեցաւ
2Ու ըսաւ. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է.
3Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ։ Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է։ Զիս անիրաւութենէն դո՛ւն կ’ազատես։
4Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
5Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
6Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
7Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի, Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ ։
8Այն ատեն երկիրը սասանեցաւ ու դողաց, Երկնքի հիմերը շարժեցան ու սասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։
9Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ։ Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
10Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
11Քերովբէի վրայ ելաւ ու թռաւ Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ։
12Խաւարն ու թանձր ջուրերը Ու երկնքի ամպերը իր բոլորտիքը վարագոյր քաշեց։
13Անոր առջեւ եղող ճառագայթէն Կրակի կայծակներ բռնկեցան։
14Տէրը երկնքէն որոտաց Ու Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ։
15Նետեր ղրկեց ու զանոնք ցրուեց, Կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
16Տէրոջը յանդիմանութիւնովը Ու անոր բարկութեան հովին փչելովը Ծովուն յատակները երեւցան Ու աշխարհիս հիմերը յայտնուեցան։
17Բարձրէն հասաւ ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
18Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս, Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։
19Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին. Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ։
20Զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
21Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի։
22Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
23Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին Ու անոր օրէնքներէն չհեռացայ։
24Անոր առջեւ կատարեալ եղայ Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։
25Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւն է։
26Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս. Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։
27Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը ծռիս։
28Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես Ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես։
29Քանզի իմ ճրագս դուն ես, ո՛վ Տէր, Ու Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
30Վասն զի քեզմով գունդ մը կրնամ ջախջախել Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէն կ’անցնիմ։
31Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է։ Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
32Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
33Աստուած իմ զօրաւոր բերդս է, Որ իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
34Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կանգնեցնէ։
35Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ։ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։
36Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
37Իմ քալելու ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
38Իմ թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք ջարդեցի Ու ետ չդարձայ մինչեւ զանոնք հատցուցի։
39Զանոնք հատցուցի ու գետինը զարկի, որպէս զի չկանգնին. Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
40Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
41Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
42Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար. Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
43Այն ատեն զանոնք երկրի փոշիին պէս մանրեցի, Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխեցի ու ճմլեցի։
44Իմ ժողովուրդիս կռիւներէն զիս ազատեցիր, Ու զիս պահեցիր, որպէս զի ազգերու գլուխ ըլլամ Ու իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց։
45Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝. Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան։
46Օտարները տկարացան Ու իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
47Տէրը կենդանի է ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս վէմը՝ Աստուած՝ բարձր ըլլայ։
48Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ, Ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
49Իմ թշնամիներէս զիս դուրս հանելով Զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուց Ու բռնաւոր մարդէն ազատեց։
50Ասոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ Ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
51Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին, Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է»։