2 Samuel 16WARMB

1Երբ Դաւիթ լերանը գլուխէն քիչ մը անցեր էր, ահա Մեմփիբոսթէին ծառան Սիբա զանիկա դիմաւորեց, իրեն հետ երկու էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր հաց, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու հարիւր ամառնային պտուղ՝ ՝ ու տիկ մը գինի բեռցուցած էր։

2Թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընես՝ ՝»։ Սիբա ըսաւ. «Էշերը թագաւորին տանը համար են, որպէս զի անոնց վրայ հեծնեն. հացն ու ամառնային պտուղները մանչերուն համար են, որպէս զի ուտեն ու գինին անապատին մէջ նուաղածներուն համար է, որպէս զի խմեն»։

3Թագաւորը ըսաւ. «Հապա քու տիրոջդ որդի՞ն ուր է»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա անիկա Երուսաղէմ կը նստի, քանզի ըսաւ թէ՝ ‘Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի դարձնէ’»։

4Այն ատեն թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ահա Մեմփիբոսթէին ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ»։ Սիբան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, շնորհակալ եմ՝ ՝, թող քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։

5Դաւիթ թագաւորը մինչեւ Բաւուրիմ գնաց եւ ահա անկէ Սաւուղին ազգատոհմէն Գերային որդին Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, որ կ’անիծէր

6Եւ Դաւիթին ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային ։

7Եւ Սեմէի անոր անէծք տուած ատեն այսպէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ

8Տէրը Սաւուղին տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ Աբիսողոմին ձեռքը տուաւ։ Ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։

9Շարուհեայի որդին Աբեսսա թագաւորին ըսաւ. «Այս մեռած շունը ինչո՞ւ համար իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ անէծք տայ։ Թող տուր անցնիմ ու անոր գլուխը առնեմ»։

10Բայց թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ ունիք։ Թող տուէք որ այսպէս անէծք տայ, քանզի Տէրը ըսաւ անոր. ‘Դաւիթը անիծէ’. ալ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Ինչո՞ւ համար այդպէս ըրիր’»։

11Դաւիթ Աբեսսային ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը։ Թողուցէ՛ք զանիկա որ անիծէ, քանզի Տէ՛րը ըսաւ անոր.

12Թերեւս Տէրը իմ նեղութեանս նայի ու այսօրուան անոր տուած անէծքին տեղ ինծի բարիք հատուցանէ»։

13Դաւիթ իր մարդոցը հետ ճամբան կ’երթար, իսկ Սեմէի առջեւի լերանը քովէն կ’երթար անէծք տալով, քարեր նետելով ու հող ցանելով։

14Թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յոգնած գացին ու հոն հանգչեցան։

15Աբիսողոմ ու բոլոր ժողովուրդը, Իսրայէլի մարդիկը, Երուսաղէմ մտան ու Աքիտոփէլ անոր հետ էր։

16Երբ Դաւիթին բարեկամը՝ Արաքացի Քուսի՝ Աբիսողոմին քով գնաց, Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Կեցցէ՛ արքայ, կեցցէ՛ արքայ»։

17Աբիսողոմ Քուսիին ըսաւ. «Բարեկամիդ վրայ ունեցած սէրդ ասիկա՞ է. ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր»։

18Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Ո՛չ, հապա Տէրոջը ու այս ժողովուրդին եւ Իսրայէլի բոլոր մարդոց ընտրածը ո՛վ որ ըլլայ, ես անոր պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի նստիմ։

19Ասկէ զատ, ես որո՞ւ ծառայութիւն պիտի ընեմ, որդիին չէ՞. ինչպէս քու հօրդ առջեւ ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ»։

20Աբիսողոմ ըսաւ Աքիտոփէլին. «Խորհուրդ ըրէք թէ ի՛նչ ընելու ենք»։

21Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Քու հօրդ հարճերուն մտիր, որոնք անիկա տանը պահպանութիւն ընելու համար թողուց ու երբ բոլոր Իսրայէլ լսէ թէ դուն քու հօրդ ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան»։

22Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմին համար վրան կանգնեցին եւ Աբիսողոմ բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ իր հօրը հարճերուն մտաւ։

23Այն օրերը Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այնպէս էր, ինչպէս մէկը Աստուծոյ խօսքը հարցնէր։ Աքիտոփէլին ամէն խորհուրդը թէ՛ Դաւիթին քով եւ թէ՛ Աբիսողոմին քով այնպէս էր։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Samuel 16.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.