1Անկէ ետքը Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր, ձիեր ու իր առջեւէն վազող յիսուն սուրհանդակ մարդ պատրաստեց։
2Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրանը ճամբուն մէկ կողմը կը կայնէր, ամէն դատ ունեցող ու դատաստանի համար թագաւորին եկող ամէն մարդ կը կանչէր ու կ’ըսէր. «Դուն ո՞ր քաղաքէն ես»։ Երբ անիկա ‘Ծառադ Իսրայէլի ցեղերէն եմ’, ըսէր,
3Աբիսողոմ անոր կ’ըսէր. «Նայէ՛, քու դատդ բանաւոր եւ ուղիղ է, բայց թագաւորին կողմէ քեզի մտիկ ընող չկայ»։
4Աբիսողոմ կ’ըսէր. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար եւ անոր իրաւունք ընէի»։
5Երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ’երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր։
6Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլին այսպէս ընելով, Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց՝ ՝։
7Քառասուն տարին լմննալէն ետքը Աբիսողոմ ըսաւ թագաւորին. «Շնորհք ըրէ, երթամ ու Տէրոջը ըրած ուխտս Քեբրոնի մէջ կատարեմ։
8Քանզի ծառադ երբ Ասորիներուն Գեսուրը կը բնակէի, ուխտ ըրի ու ըսի. ‘Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ դարձնէ, Տէրոջը ծառայութիւն ընեմ’»։
9Թագաւորը անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Անիկա ելաւ Քեբրոն գնաց։
10Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն լրտեսներ ղրկեց ու ըսաւ. «Փողին ձայնը լսելնուդ պէս՝ ‘Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ’, ըսէք»։
11Աբիսողոմին հետ Երուսաղէմէն երկու հարիւր մարդ գնաց՝ հրաւիրուած։ Անոնք միամտութեամբ գացին ու ամենեւին բան մը չէին գիտեր։
12Աբիսողոմ զոհ ըրած ատենը՝ Դաւիթին խորհրդակիցը, Գեղոնացի Աքիտոփէլը, իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ։ Դաւաճանութիւնը զօրացաւ ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմին քով։
13Դաւիթին լրաբեր մը եկաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմին հետ մէկ՝ ՝ եղաւ»։
14Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմին երեսէն մեզի ազատում չկայ։ Շուտ ըրէ՛ք, գացէ՛ք, չըլլայ որ անիկա շուտով մեզի հասնի ու մեր վրայ չարիք հասցնէ ու քաղաքը սուրի բերնէ անցընէ»։
15Թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին. «Մեր տէր թագաւորը ինչ որ արժան համարէ, ահա իր ծառաները պատրաստ են ընելու »։
16Թագաւորը եւ անոր ետեւէն անոր բոլոր տունը գնաց։ Թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէս զի տանը մէջ պահպանութիւն ընեն։
17Թագաւորը ու անոր ետեւէն բոլոր ժողովուրդը գնաց։ Անոնք հեռու տեղ մը կայնեցան։
18Անոր բոլոր ծառաներն ու բոլոր Քերեթիները եւ բոլոր Փելեթիները անոր քովէն անցան։ Անոր հետ Գէթէն եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն անցան։
19Թագաւորը Գեթացի Եթթիին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. դարձիր ու թագաւորին հետ նստէ, քանզի դուն օտարական ես ու եղած տեղդ պանդուխտ ես։
20Դուն երէկ եկար ու այսօր ես քեզ տեղէդ խախտե՞մ, որպէս զի ինծի հետ երթաս։ Ահա ես կ’երթամ ուր որ պիտի երթամ, դուն դարձիր ու քու եղբայրներդ ալ դարձուր. ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան»։
21Եթթի՝ թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ո՛ւր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ եւ թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
22Դաւիթ Եթթիին ըսաւ. « Ուրեմն եկուր անցիր»։ Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր ընտանիքներով անցաւ։
23Բոլոր երկիրը մեծ ձայնով կու լար ու բոլոր ժողովուրդը կ’անցնէր։ Թագաւորը Կեդրոն հեղեղատէն կ’անցնէր ու բոլոր ժողովուրդը դէպի անապատին ճամբան կ’անցնէին։
24Ահա Սադովկ ալ ու անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները Աստուծոյ տապանակը կայնեցուցին, մինչեւ որ բոլոր ժողովուրդը քաղաքէն ելաւ լմնցաւ։ Աբիաթար զոհ կը մատուցանէր՝ ՝։
25Թագաւորը Սադովկին ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը քաղաքը դարձո՛ւր. եթէ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտնեմ, այն ատեն զիս ետ պիտի դարձնէ, զանիկա ու անոր բնակարանը ինծի պիտի ցուցնէ,
26Բայց եթէ ինծի այսպէս ըսէ՝ ‘Քեզի չեմ հաւնիր’, ահա ես կայներ եմ. իր աչքին հաճոյ երեւցածին պէս թող ընէ ինծի»։
27Թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ. «Դուն տեսանող չե՞ս. խաղաղութեամբ քաղաքը դարձիր ու քու որդիդ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, ձեր երկու որդիները, ձեզի հետ։
28Ահա ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչեւ որ ձեզմէ լուր մը առնեմ»։
29Սադովկ ու Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ դարձուցին ու հոն մնացին։
30Դաւիթ Ձիթենեաց լեռնէն վեր կ’ելլէր ու կու լար։ Գլուխը ծածկեր էր ու բոկոտն կը քալէր։ Անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդն ալ, ամէնքը իրենց գլուխը ծածկեր էին ու լալով կ’ելլէին։
31Դաւիթին պատմեցին ու ըսին. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին հետ դաւաճանութիւն ընողներուն մէջ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, Աքիտոփէլին խորհուրդը խափանէ»։
32Երբ Դաւիթ այն բլուրը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրաւ, Արաքացի Քուսի՝ հանդերձները պատռած ու գլխուն վրայ հող դրած զանիկա դիմաւորեց։
33Դաւիթ անոր ըսաւ. «Եթէ ինծի հետ գաս, ինծի բեռ կ’ըլլաս.
34Բայց եթէ քաղաքը դառնաս ու Աբիսողոմին ըսես՝ ‘Ո՛վ թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի ու հիմա քու ծառադ եմ’, այն ատեն Աքիտոփէլին խորհուրդը կրնաս ցրուել։
35Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ են ու թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն կրնաս պատմել։
36Ահա հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, իրենց հետ են։ Ամէն լսած խօսքերնիդ անոնց միջոցով ինծի կրնաք իմացնել»։
37Դաւիթին բարեկամը Քուսի քաղաքը մտաւ ու Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ մտաւ։